2013-06-24 14:10:48

Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց` ս. Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու Ընկերակցութեան Անդամները` ''Շարունակեցէք Տալ Առանց Բան Մը Ակնկալելու''։


Կիրակի 23 յունիսի առաւօտեան` ընդունելով ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու ընկերակցութեան անդամները, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունեց անոնց մատուցած ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ քաջալերեց զանոնք ըսելով. ''Յիսուսի նման շարունակեցէք տալ առանց բան մը ակնկալելու''։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մատուցած ծառայութիւններուն ս. Պետրոս պազելիքայի մէջ։ Քաջատեղեակ եմ ըսաւ Ան ''լռութեան եւ անշուկ կերպով ձեր մատուցած ծառայութիւններուն ծիսակատարութիւններուն ընթացքին''։
Յայտնենք որ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու ընկերակցութիւնը` նաեւ կը կոչուի Սրբազան Քահանայապետի Տան ընկերակցութիւն, հինմնուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով 1971-ին ունենալով որպէս կէտնպատակ. առաջին` օգնութեան հասիլ ս. Պետրոս պազիլիքան այցելող ուխտաւորներուն, եկրորդ` Հռոմի մէջ, սպաւաւորել Սրբազան Քահանայապետի մատուցած ծիսակատարութիւններուն, երրորդ` ծառայել Վատիկանի աղքատներու սեղանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.